Տ. ԹԱԹՈՒԼ Ծ. ՎՐԴ. ԱՆՈՒՇԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Կը տեղեկանանք, որ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Երեւան՝ իր հետ ունենալով Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի խմբավար Ատրուշան Հալաճեանն ու Տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Նուպար Կիւզէլտէվլէթեանը։ Հայր Սուրբը եւ ընկերակիցները կը նախատեսեն շփումներ ունենալ Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութենէն ներս։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութենէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Մարիամ Տրամէրեան եւ Նազարէթ Պալ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի ներկայացուցին Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի նոր հրատարակութիւններէն մին։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները երէկ պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Ենիգիւղ։ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ անոնք անցուցին հաճելի օր մը:
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով տօնախմբուեցաւ Ապրիլի 23-ը։ Երէկ, Մանկանց տօնին առթիւ դպրոցէն ներս կազմակերպուած խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։