Թրքահայ կեանք

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պուած է ի յի­շա­տակ ան­մահ բա­նաս­տեղծ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի։ Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նու­ցուած է մա­մու­լի մէջ, հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ շա­բա­թա­վեր­ջին

ԹՈՐՈՍ ԱԼՃԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍԸ

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան վեր­ջերս ու­նե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան հիւր մը։ Այս­պէս, իր այ­ցե­լու­թեան փու­թաց Լա­քի Վին­կաս, որ մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը կը զբա­ղեց­նէր այդ պաշ­տօ­նը։ Ան­տա­րա­կոյս Թո­րոս Ալ­ճա­նի տե­սան­կիւ­նէն զգա­ցա­կան խոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՔԷՐՄԷՍԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէ­սը վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ ան­նա­խըն­թաց խան­դա­վա­ռու­թեան։ Ծնո­ղաց միու­թեան եւ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած այս ա­ւան­դա­կան ձեռ­նար­կը իս­կա­պէս փայ­լուն ան­ցաւ՝ ինչ­պէս այ­ցե­լու­նե­րու թի­ւին, այն­պէս ալ ներ­կա­յա­ցած ա­ռար­կա­նե­րու ճո­խու­թեան ու ո­րա­կին տե­սա­կէ­տէ։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն կազ­մա­կեր­պուե­ցան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին բնոյ­թով զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ։ Այդ ծի­րին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էին տղոց ի­րա­կա­նա­ցու­ցած պտոյտ­նե­րը։

ՍԵԲԱՍՏԻՈՅ ՄԷՋ ԱՌՏՆԻՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ, Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ վեր­ջերս Սե­բաս­տիա այ­ցե­լե­ցին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։ Սե­բաս­տիոյ մէջ ա­նոնք դի­մա­ւո­րուե­ցան Երուանդ Մղտը­սըի կող­մէ։

ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ ԳՈՐԾԻՆ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԱԾ «ԿԵԱՎՈՒՐ ՄԱՀԱԼԼԷՍԻ» ԺԱՊԱՒԷՆԻՆ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կեա­վուր մա­հալ­լէ­սի» ժա­պա­ւէ­նին ա­ռա­ջին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը։ Գիւ­ղա­գիր Մկր­­տիչ Մար­կո­սեա­նի հա­մա­նուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած ժա­պա­ւէն մըն է այս մէ­կը, որ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Բե­մադ­րիչն է Եու­սուֆ Քե­նան Պէյ­սիւ­լէն։

ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ՄԷՋ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Գան­տիլ­լիի Ս. Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ, որ ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ս. Զատ­կի տա­ղա­ւա­րին յա­ջոր­դած քա­ռաս­նօ­րեայ շրջա­նին զու­գա­դի­պած այս Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան։

ՊՐԱԶԻԼԱՀԱՅ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ՆՈՐԱՅՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ՝ DEPO-Ի ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ

«Ա­նա­տո­լու քիւլ­թիւր» ըն­կե­րու­թեան են­թա­կա­յու­թեան տակ գոր­ծող Թոփ­հա­նէի DEPO-ի յար­կէն ներս շա­բա­թա­վեր­ջին շա­հե­կան ա­սու­լիս մը տե­ղի ու­նե­ցաւ պրա­զի­լա­հայ լու­սան­կա­րիչ Նո­րայր Շա­հի­նեա­նի հետ, որ Ապ­րի­լի 24-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն առ­թիւ այ­ցե­լեց քա­ղաքս։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին օ­րե­րուն բա­ցուե­ցաւ Նո­րայր Շա­հի­նեա­նի ցու­ցա­հան­դէ­սը եւ նոյն շար­ժա­ռի­թով հրա­տա­րա­կուե­ցաւ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ալ­պո­մը՝ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չա­տան կող­մէ։

Cumhurbaşkanımız Sayın Recep Tayyİp Erdoğan’ın, 24 Nİsan 2015 günü İstanbul Ermenİ Patrİkhanesİ’nde yapılan dİnİ törene gönderdİklerİ mesaj

“Sayın Aram Ateşyan,
Türkiye Ermenileri
Patrik Genel Vekili

Ermeni vatandaşlarımız için özel bir anlam taşıyan bu günde, Birinci Dünya Savaşı şartlarında hayatını kaybeden tüm Osmanlı Ermenilerini bir kez daha saygıyla anıyor, çocuklarına ve torunlarına taziyelerimi sunuyorum.

Էջեր