ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆՇԵԼ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Մարիամ Տրամէրեանը, Նազարէթ Պալը եւ Օշին Էլակէօզը, որոնց հետ ունեցանք հաճելի եւ անմիջական զրոյց մը։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը արդէն բոլորած է իր գործունէութեան 50-ամեակը եւ վարչութիւնը որոշած է այս հանգրուանը նշել պատշաճ շուքով։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը այս շաբաթավերջին պիտի կազմակերպէ ձեռնարկ մը։ Ծանօթ է, որ ծնողաց միութիւնը պարբերաբար յաջող ձեռնարկներ կը կազմակերպէ, ի նպաստ դպրոցին։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ փայլուն հանդէս մը տեղի ունեցաւ Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։ Անցեալ տարուան վերջընթեր օրը կազմակերպուած այս ձեռնարկը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Ամբողջ դպրոցին մէջ լիուլի ապրուեցաւ տօնական հրճուանքը։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ապրեցաւ մեծ հրճուանք։ Տօնական ուրախութիւնը դպրոցը համակած էր նախորդող շաբաթներէն սկսեալ։