ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾՐԱԳՐԵՐԸ
Յառաջիկայ Կիրակի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի կայանան թաղի աւանդական մատաղօրհնութեան հոգեւոր ու աշխարհիկ հանդիսութիւնները, որոնց պիտի նախագահէ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Նիւ Եորքի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած «Տեւական զարգացման լուծումներու ցանց. երիտասարդական լուծումներ» խորագրեալ գագաթաժողովը։ Միջազգային այս կարեւոր հաւաքին հրաւիրուեցաւ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Շիլա Թեմիզէլ՝ որպէս Թուրքիոյ միակ ներկայացուցիչը։