ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Գալֆաեան տան հիմնադրութեան 149-րդ տարեդարձը երէկ համայնքային շրջանակները խանդավառութեամբ համախմբեց Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններուն:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը վերջերս մասնակցեցաւ «Լիոնս» ակումբին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Ապրիլ խաղաղութեամբ» խորագրեալ նկարչութեան մրցոյթի մը։
Կը տեղեկանանք, որ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու խորհրդական նշանակած է Յովհաննէս Կարապետեանը, որ անցեալ շրջանին եւս պաշտօն զբաղեցուցած էր նոյն քաղաքապետարանէն ներս։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին «Պողազիչի» համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպուի խորհրդաժողով մը, որ խորագրուած է «Ոչնչացուած քաղաքակրթութիւն. ոչ-իսլամներու ստացուածքը՝ ուշ Օսմանեան կայսրութեան եւ վաղ Հանրապետական ժամանակաշրջանին»։