ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՌՈՒՆ ՇՐՋԱՆ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը հանդիսաւորապէս բացաւ իր հիմնադրութեան 50-ամեակին զուգադիպած եղանակը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ կազմակերպուած արարողութիւններուն ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուեցան Մուրատ Հազինետարին:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը ամրան արձակուրդի ներկայ շրջանին թափով կը պատրաստուի 2015-2016 կրթական շրջանին։ Կը տեղեկանանք, որ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն ներս ներկայիս վերանորոգման աշխատանքներ կ՚իրականացուին՝ ֆիզիքական պայմանները կատարելագործելու առաջադրութեամբ։