ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄՕՏ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՀԻՒՊԱՏՈՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային տօնին՝ Անկախութեան օրուան առթիւ երէկ երեկոյեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ քաղաքիս մօտ ԱՄՆ-ի հիւպատոսարանին մէջ։ Ծանօթ է, որ ԱՄՆ-ի Ազգային տօնը կը նշուի Յուլիսի 4-ին, իսկ այս տարի հիւպատոսարանի տօնական ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան։