ԱՐՇՕ ՔԱԶԱՐԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
55-ամեայ Արշօ Քազար, որ Սեպտեմբեր 12-ի զինուորական յեղաշրջման արդիւնքին համալսարանէն հեռացած բազմաթիւերու շարքին կը գտնուէր, առաջնութեամբ աւարտեց համալսարանը, ուր վերադարձած էր 2011-ի համաներումէն ետք։ Արշօ Քազար 1980-ի նախօրէին համալսարաններու մէջ պատահած դէպքերուն եւ սպանութիւններուն պատճառով կիսատ թողուցած էր Մարմարա համալսարանի Տնտեսական եւ առեւտրական գիտութեանց ակադեմիոյ Լրագրութեան եւ հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու բաժնի իր ուսումը։
Սասուն գտնուող 1500-ամեայ պատմութեան տէր Գոմքի Ս. Պետրոս վանական համալիրը արձանագրուեցաւ պետականօրէն։ Արձանագրութիւնը իրականացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Տիարպաքըրի Մշակոյթի եւ բնական ժառանգութեան պահպանման տարածքային կեդրոնը։
Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ Քոլին Քայըքճըօղլու, Ռոպէրթ Սէրտար Շահին, Լինա Չավտար, Նաթան Սիւսլիւ, Հելին Մուրատեան, Մասիս Տէմիրէլ եւ Այգ Թուրաչ, որոնք կ՚անդամակցին «Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն (ՄԱԿ)-Մանրատիպ» ակումբին, ուղեկցութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Սեսիլ Քոճային, 12-16 Յունիս թուականներուն, «Քոչ» համալսարանին մէջ մասնակցեցան «ՄԱԿ-Մանրատիպ»ի անգլերէնով կայացած ընդհանուր ժողովին։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը հրաժեշտ տուաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն:
Երկարատեւ աշխատութենէ յետոյ վերջերս լոյս տեսաւ Treasures of Faith (Հաւատքի գանձեր) գիրքը՝ շքեղ եւ գունաւոր տպագրութեամբ։ Գիրքը պատրաստուած է Մինէսոթայի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Ռոնալտ Մարիս, Արեւմտեան Միշիկընի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Մառլէն Պրէու եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։