ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՆԱԽԱՃԱՇԸ
Երէկ առաւօտ Գարակէօզեան վարժարանի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ ընտանեկան նախաճաշ մը, որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Գարակէօզեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որու շրջագծով հաստատութեան բազմաթիւ շրջանաւարտներ համախմբուեցան նախաճաշի սեղաններու շուրջ։
Մխիթարեան վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մարզական խրախճանքը վերջին օրերուն առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուի այս խրախճանքը, հետեւաբար ունի խոր աւանդութիւններ ու ձեւաւոր-ւած նախընթացներ։