ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԻ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը տեղի ունեցաւ վարժարանի ընդարձակ պարտէզին մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան թաղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն, տեղւոյն թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Պէշիկթաշի քաղաքապետութենէն խորհրդական Նուրհան Փալաքօղլու, հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան եւ տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան։
Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի վերակառուցման, գէթ իր գտնուած պատմական վայրը յիշողութեան վայրի մը վերածելու ուղղութեամբ Սասուն-Պիթլիս-Մուշի եւ այլ վայրերու հայ փոքրամասնութեանց միութեան կողմէ նախաձեռնուած ջանքերը հետզհետէ կը սկսին տալ իրենց արդիւնքը։
Վարպետ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր հիւրընկալուեցաւ «Զաման» օրաթերթին կողմէ աւանդաբար կազմակերպուող լրագրողական ձեւաւորման օրերու ձեռնարկին։ Այս առթիւ բացման խօսքեր արտասանեցին «Զաման»ի հրատարակութեան ընդհանուր տնօրէն Էքրէմ Տումանլը եւ տեսողական հրատարակութեան վարիչ Ֆեւզի Եազըճը։