ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԵՒ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍ ԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Յունաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Թերենս-Նիքոլաոս Քուիքը եւ Յունական Կիպրոսի նախագահի մարդասիրական եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոթիս Ֆոթիուն։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան մատնանշեց, որ հայ-կիպրական եւ հայ-յունական սփիւռքներու միջեւ սկսած է աշխոյժ համագործակցութիւն մը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմէն ներս վերջերս նշուեցան երկու կարեւոր յոբելաններ։ Այսպէս Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ եւ Տ. Եզնիկ Ա. Քհնյ. Կիւզէլեանի քահանայագործութեան 35-ամեայ կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ կազմակերպուեցաւ յոբելենական շքեղ հանդիսութիւն մը։
Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Իսթանպուլի երէկուան արտահերթ գագաթաժողովը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Աթէնք կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերու։ Այսպէս, ան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018 թուականի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններուն։
Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան յայտարարեց, որ վտանգներ կը տեսնէ հայագիտութեան բնագաւառին համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերատեսուչը հայագիտական հետազօտութիւններու բնագաւառէն ներս կը նկատէ որոշ յետընթաց։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան դէպի Աթէնք պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոսիասի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, իր պաշտօնակցին հետ տեսակցելու առընթեր, Նալպանտեան ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան համաժողովներու սրահին մէջ։
Մեւլիւտ Չավուշօղլու բացատրութիւններ տուաւ Վլատիմիր Փութինի այցելութեան ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու բովանդակութեան շուրջ: