ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
Քաթարական Gulf Times-ը Հայաստանի մասին յօդուած մը հրապարակած է՝ զայն անուանելով «կատարեալ զբօսաշրջային ուղղութիւն»: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, լրատուամիջոցը գրած է հիւրընկալ բնակչութեան, կայուն եղանակի ու յանցաւորութեան ցած մակարդակի մասին: