Լրահոս

ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՄԲ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ

Կիւմրիի «Մարիամ եւ Երանուհի Ասլամազեան քոյրերու» պատկերասրահին մէջ բացուած է Խորհրդային Հայաստանի Ժողովրդական նկարիչ, Ռուսաստանի Գեղարուեստի ակամդեմիայի ակադեմիկոս, ծանօթ քանդակագործ, գեղանկարիչ եւ մանկավարժ Նիկողայոս (Նիքոլայ) Նիկողոսեանի անունը կրող ցուցասրահը։ Նորաբաց ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրուին կենդանի առասպելի Մոսկուայի հաւաքածոյի հաստոցային դիմաքանդակներու ընտրանի շարքի աշխատանքները։

ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները աշխատանք կը տանին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար:
Ուաշինկթընի նոր վարչախումբը որոշումներ ընդունած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացի շարունակութեան համար, իրավիճակը փակուղիէ զերծ պահելու ակնկալութեամբ:

ՎԱԼԱՆՍԻ ՄԷՋ ԿՐԹԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Ինչպէս ամէն  դպրոցական արձակուրդներուն՝ Վալանսի Հայ մշակոյթի տան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցան 5-11 տարեկան վալանսաբնակ հայ երեխաներու եւ իրենց ծնողներուն համար նախատեսուած կրթական-ժամանցային ձեռնարկներ, որոնք կը կոչուին «Մանուկներու մշակոյթի արուեստանոց»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՀԱՒԱՔԱՆԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Նիքշա Փաւցեւիչ, հրապարակեց անունները այն մարզիկներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին 23 եւ 26 Նոյեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյենութեան զտումի մրցումներուն:

ԳՈՐ­ԳԱ­ԳՈՐ­ԾՈՒ­ԹԵԱՆ ԴԱ­ՍԸՆ­ԹԱՑՔ ՍԱՆ ՖՐԱՆ­ՍԻՍ­ՔՈ­ՅԻ ՄԷՋ

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Նոր սերունդ» երիտասարդական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ գորգագործութեան արուեստի դասընթացք մը՝ «Ջուլհակի գորգ» խորագրեալ։

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱՄՆ ՆՈՐ ԷՋ ՄԸ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ։ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ ժամ մը։

ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵԾՆ ԱԹԱԹԻՒՐՔԸ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 79-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։

ՄՈԼՏՈՎԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Մոլտովայի Նախագահ Իկոր Տոտօն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւր ղեկավարի ի պատիւ նախագահական ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ դիմաւորման արարողութիւն։

Էջեր