ԽՐԻՄԻ ՀԱՄԱՐ ԶՕՐԱՎԻԳ
Թուրքիա-Ուքրայնա Բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի վեցերորդ ժողովը տեղի ունեցաւ նախագահներու մասնակցութեամբ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Փեթրօ Փորոշենքօ կանգ առին Անգարա-Քիեւ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով խորացնելու կարեւորութեան վրայ:
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի կողմէ։ Օդակայանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն վերջ Կարապետեան եւ Ճահանկիրի ունեցան առանձնազրոյց մը եւ աւելի վերջ գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Հոլիվուտի առասպելական աստղերէն Ճոն Մալքովիչ այս օրերուն կ՚այցելէ Երեւան։ Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած հինգերորդ միջազգային փառատօնի շրջանակին մէջ տեղի կ՚ունենայ յայտնի արուեստագէտին այցելութիւնը։ Ան հանդէս կու գայ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբին հետ։
Հայաստանի եւ Արժանթինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու 25-ամեակին միջոցառումներու շրջանակներէն ներս Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ թանկոյի շաբաթը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Հայաստանի մօտ Արժանթինի դեսպան Կոնզար Ուրրիոլապեիտիա խօսեցաւ երկու երկիրներու միջեւ բազմամեայ բարեկամութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ երկկողմանի երկարատեւ եւ կայուն դիւանագիտական յարաբերութիւններուն։
Թուրքիա աշխուժօրէն կը զօրակցի Ազատ Սուրիոյ բանակի դէպի Իտլիպ ձեռնարկած գործողութիւններուն:
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցան ոգեկոչման յատկանշական արարողութիւններ։ Անցեալ տարի այս գերեզմանատան մէջ բացուած էր արքունի ճարտարապետներ Պալեաններու յուշադամբանը՝ ստեղծուած անոնց շիրմին հիման վրայ։ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ եւ «Հայճար»ի ջանքերով կանգնուած այդ կոթողին բացումը կատարուած էր Հոկտեմբերի առաջին Շաբաթ օրը։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ:
Միջնորդները շփումներ կ՚ունենան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս:
«Արմէնփրէս« գործակալութեան եւ «ՌԱԿ մամուլ»ի միջեւ ստորագրուեցաւ գործակցութեան յուշագիր մը: