ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ՝ ՄԶԿԻԹԻ ՄԸ ՎՐԱՅ. 235 ԶՈՀ
Եգիպտոսի մէջ, հիւսիսային Սինայի նահանգի Արիշ քաղաքէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ ահաբեկչական ահաւոր յարձակում մը։ Այսպէս, Ռաւատա գիւղի մզկիթին վրայ գործուեցաւ յարձակում մը Ուրբաթի աղօթքի ժամանակ։ Դէպքին զոհ գնաց 235 հոգի, իսկ վիրաւորեալներու թիւը կը հասնի 109-ի։
Պրիւքսելի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ԵՄ-ի եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու գագաթաժողովը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան վերադարձաւ դէպի Տիարպաքըր եւ Սիլվան տուած այցելութենէն:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի նախագահներուն մասնակցութեամբ եռակողմանի խորհրդակցութիւն:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելութիւններ տուաւ դէպի Տիարպաքըր եւ իր ծննդավայրը՝ Սիլվան:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցան Գումգաբուի մէջ։ Պատրիարքարանի երդիքին տակ անոնք խորհրդակցեցան՝ համայնքային հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։
«Հայաստան ցայսօր երբեք ետ չէ կանգնած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրէն ներս ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն»:
Տեղապահ սրբազան հայրը պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ դիմեց պետական աւագանիին: