ԶԳԱԼԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային շրջանակները շօշափելի աջակցութեամբ հերթական անգամ լուրջ քայլ մը առին՝ Մէրամէթճեան վարժարանի առաքելութիւնը խրախուսելու համար:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը յաջողեցաւ այս տարուան սիրոյ սեղանի արդիւնքին ապահովել որոշ քանակութեամբ հանգանակութիւն, որ թէեւ բաւարար չէ տարեկան պիւտճէն ամբողջութեամբ հաւասարակշռելու համար, սակայն դպրոցի յառաջիկայ կայունութիւնը կը համարուի յամենայնդէպս երաշխաւորուած - Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախագահեց աւանդական արարողութիւններուն:
Զարգացող ութ երկիրներու կազմակերպութեան գագաթաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ:
«2016-ին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակման հեռանկարները տակաւին չեն յաղթահարուած»:
Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ, Հոկտեմբերի 18-ին, տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի մեծ բարերարներ, Արժանթինի մօտ Հայաստանի դեսպանատան շէնքի նուիրատուներ Ատրիանա եւ Էտուարտօ Սեֆերեաններու անուան սրահի բացման արարողութիւնը։


Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ. «Թուրքիա ՓՔՔ-ի դէմ պայքարի ուղղութեամբ մեծապէս կը կարեւորէ Իրանի հետ համագործակցութիւնը»:
Գործարար Օսման Քավալայի հսկողութեան տակ առնուելուն արձագանգները կը շարունակուին։ «Անատոլու քիւլթիւր» ընկերութեան վարչութեան ղեկավար Քավալա նախընթաց օր Կազիանթէպէ Իսթանպուլ վերադարձին Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ հսկողութեան տակ առնուելով տարուած էր հարցաքննութեան։