ՆԱԹՕ-Ի ԿՈՂՄԷ ԱՀԱԶԱՆԳ
Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական հրթիռներու փորձարկումները կը շարունակեն խորապէս մտահոգութիւն պատճառել միջազգային հանրութեան։ Այս մթնոլորտին մէջ շաբաթավերջին ՆԱԹՕ-ի կողմէ կատարուեցաւ ուշագրաւ յայտարարութիւն մը։ Այսպէս դաշինքի մօտեցումը այն է, որ համաշխարհային մակարդակով պատասխան մը պէտք է տրուի Հիւսիսային Քորէային։
Ռուսաց պատրիարքին միջնորդութեամբ տեսակցեցան Վեհ. Հայրապետը եւ Ատրպէյճանի շէյխիւլիսլամը:
Այսօր մենք՝ ատրպէյճանցի եւ հայ ժողովուրդներու հոգեւոր առաջնորդներս, կրկին հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ, Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի հրաւէրով քննարկելու ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղիները, առանց որոնց հնարաւոր չէ հասնիլ Կովկասէ ներս հաշտութեան եւ անվտանգութեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Էսթոնիա։
Հրանոյշ Յակոբեան մամլոյ ասուլիս մը սարքելով մեկնաբանեց ապագայ Համահայկական խորհուրդի բնոյթը:
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն բացուեցաւ Լազարեաններու յայտնի տոհմին ձօնուած ցուցահանդէս մը։ Մատենադարանի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենայ այս ձեռնարկը։
ADAMI մրցանակաբաշխութիւնը գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ Երեւանի մէջ:
Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն վեցերորդ խորհրդակցութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիա երէկ կորսնցուց երէց սերունդի հեղինակաւոր մտաւորականներէն մին, որ ընկերաբանութեան եւ քաղաքագիտութեան բնագաւառներէն ներս նոր հորիզոններ բացած էր երկրին առջեւ։