ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՔ ՏԽՐՈՒԹԵԱՄԲ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑԻՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԻՇԻՊ-ԻՆ ԴԷՄ ՏԱՐԱԾ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի ժողովուրդը ծանր թախիծով դիմաւորեց բանակի արձանագրած յաղթանակը ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ: Պատճառը՝ այդ թուականին լիբանանեան բանակի գերեվարեալ զինուորներու սպաննուած գտնուելու մասին տեղեկութիւնն էր, որ բողոքի «լուռ» ալիք մը կը ստեղծէր ամբողջ երկրին մէջ:
Թուրքիա երէկ կորսնցուց երէց սերունդի հեղինակաւոր մտաւորականներէն մին, որ ընկերաբանութեան եւ քաղաքագիտութեան բնագաւառներէն ներս նոր հորիզոններ բացած էր երկրին առջեւ։
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը շարունակուին եռակողմանի ձեւաչափով բազմաբնոյթ ուղղութիւններով նիւթերու քննարկումները:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջոյնի խօսք մը փոխանցեց Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ պատգամը, զոր ներկայացուց փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան։
Այս առաւօտ ժամը շուրջ 07.40-ին պայթում մը տեղի ունեցաւ Իզմիրի մէջ։ Քաղաքի Պուճա գաւառակէն ներս, «Տենիզքենթ» սիթէի մօտակայքին պատահեցաւ այս դէպքը։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը կ՚ամփոփէ քառորդ դարու արդիւնքները:
Հայաստանի կառավարութիւնը որոշած է միացնել՝ ռազմական արտադրութեան երկու գործարան:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունած է՝ «Դուն ի՞նչ կ՚ընես Արցախի համար» շարժման շրջանակներէն ներս Հայաստան ժամանած Գանատայի հայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ որոնց կարգին էր «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան: