Լրահոս

ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ՔՈՆԻԱՔԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

«Զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հիմ­նադ­րամ»ը Հա­յաս­տա­նի Զբօ­սաշր­ջու­թեան պե­տա­կան կո­մի­տէին հետ հա­մա­տեղ Մա­յի­սի 7-ին Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ «Քո­նիա­քի փա­ռա­տօն», որ տեղի կ՚ունենայ Հա­յաս­տանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հովանաւորութեան ներքոյ։ Փա­ռա­տօ­նին նպա­­տակն է հայ­կա­կան քո­նիա­քի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման բարձ­րա­ցու­մը, ինչ­պէս նաեւ ա­ւան­դա­կան եւ նոր շու­կա­նե­րու մէջ ա­նոր հան­րայ­նա­ցու­մը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԵԶԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ բա­ցուե­ցաւ «Աս­տուա­ծա­մայ­րը հայ­կա­կան պատ­կե­րա­քան­դակ­նե­րու մէջ» լու­սան­կար­չա­կան ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Աս­տուա­ծա­մօր պաշ­տա­մուն­քի պատ­մա­կա­նօ­րէն ձե­ւա­ւո­րուած ար­տա­ցո­լում­նե­րը վաղ քրիս­տո­նէա­կան շրջա­նէն մին­չեւ 18-րդ դար:

ՍԹՈՔՀՈԼՄԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ

Շուէ­տի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Սթոք­հոլ­մի մէջ ե­րէկ պա­տա­հե­ցաւ սար­սա­փե­լի դէպք մը։ 
«Ի­քոթ» պե­տա­կան հե­ռուս­տա­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, չորս ան­ցորդ­ներ սպան­նուած են, երբ մայ­րա­քա­ղաք Սթոք­հոլ­մի մէջ վրա­յեր­թի են­թար­կուած են բեռ­նա­կառ­քի մը կող­մէ:

ԱՆԸՆԴՀԱՏ ՃԻԳԵՐ

Հայաստանի սուրիահայերը կը խրախուսուին երկրի տնտեսութեան համարկման ճանապարհին:
Սփուռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան. «Պէտք է ամէն ինչ ընել՝ խնդիրներու արագ եւ համակարգուած լուծման համար»:

«Էր Ֆրանս» Ամ­սա­գի­րը՝ Հա­յաս­տա­նԻ Գրա­ւչութիւններուն Մա­սին

«Էր Ֆրանս» օ­դա­նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան ամ­սա­գ­րին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած է Հա­յաս­տա­նը զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հա­մար գրա­ւիչ դարձ­նող տասն պատ­ճառ­նե­րու:

ԱՄՆ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑ ՍՈՒՐԻԱՆ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի բարդ ի­րա­վի­ճա­կի մը ծնունդ կու տայ մի­ջազ­գա­յին բե­մա­հար­թա­կի վրայ։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու զօր­քե­րը ռմբա­կո­ծե­ցին Սու­րիան։ Այս­պէ­սով Ռու­սաս­տա­նէն վերջ ԱՄՆ-ն ալ աս­տի­ճա­նա­բար ներգ­րա­ւուած ե­ղաւ Սու­րիոյ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։

BBC-ի Անդրադարձը. Հայաստանը՝ Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր

BBC հե­ղի­նա­կա­ւոր լրա­տուա­կան կայ­քը՝ զբօ­սաշր­ջու­թիւն բաժ­նի մէջ՝ «Ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր» խո­րագ­րով յօ­դուած մը հրա­պա­րա­կած է՝ պատ­մե­լով Հա­յաս­տա­նի մա­սին:

Էջեր