ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀԻՒՐ
«Տարածքաշրջանէ ներս մշտական խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ճանապարհը
կ՚անցնի Պաղեստինի անկախ պետականութեան հիմնադրութենէն, Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ՝ համապատասխան լուծման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները խոչընդոտելու»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի համալիրին մէջ ընդունեց Մահմուտ Ապպասը:
«Հայաստանի, Վրաստանի եւ աշխարհի մէջ կրօնի եւ համոզումի ազատութեան հիմնախնդիրները»:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան ոսկէ մետայլներ նուաճած աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետայլակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետայլակիր Արթուր Ալեքսանեանն ու աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան։
Երեւանի մէջ 77 տարեկանին մահացած է բեմադրիչ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Փրոֆ. Անտոն Աղայեանց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Անտոն Աղայեանցի թաղման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր։
Կարծախ գիւղին մէջ, Օգոստոսի 27-ը, նշանաւոր դարձաւ Ջիւանիի տուն-թանգարանի բացումով: Նախորդ տարի բացուած էր թանգարանին ցուցասրահը, իսկ այս տարի բացուեցաւ յուշային մասը: Տօնական օրը սկսաւ գիւղի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով:
Երեւանի մէջ բացուեցաւ խորհրդահայ լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեանի «Ժամանակի ստուերներ» խորագրեալ առաջին յետահայեաց ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան պահպանուած սեւապատկերներու վերականգնուած տարբերակները։ Ցուցահանդէսին, որ բացուած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան երդիքին տակ, ներկայացուեցաւ 183 լուսանկար։
Սպանիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ թագաւորը ժողովուրդին հետ մասնակցեցաւ հանրահաւաքի մը:
Think tank-ի կառոյց մը՝ ռազմավարական եւ գիտակրթական աշխատանքներու իրագործման համար:
Հայկական խեցեգործ իրերու արտադրութեան 100-ամեակին առիթով, Երուսաղէմի մէջ բացուած է խեցեգործութեան դպրոց, որ դարձած է քաղաքի մշակոյթի անբաժան մասը:
Դէպի Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջիկներուն թիւը, 2017-ի առաջին կիսամեակին ընթացքին, կազմած է 622.381, որ 24.2 տոկոսով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի ցուցանիշէն: