ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Չեխիոյ մայրաքաղաքը՝ Փրակի մէջ Փետրուարին կ բացուի Body The Exhibition ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է մարդկային մարմնին: Ցուցահանդէսը կը ներառնէ քսան մարմին եւ մարդկային մարմնի մասերէն ստեղծուած երեք հարիւր ցուցանմոյշ:
Շուայտ ապրելակերպի խորհրդանիշ համարուող Տուպայիի մէջ կ՚իրականացուի հերթական յաւակնոտ նախագիծ մը, որու շրջանակներէն ներս կը կառուցուի տարածքաշրջանի խոշորագոյն զբօսանաւերու նաւահանգիստը, ինչպէս նաեւ ամենագեղեցիկ փարոսներէն մէկը:
«Անկարելի է որոշել Լեռնային Ղարաբաղի ճակատագիրը՝ առանց իր իսկ մասնակցութեան»:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս տարեկան հաւաքոյթ:
Փետրուար 21-ին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պիտի նշուի UNESCO-ի եւ Հայոց պետութեան կողմէ սահմանուած «Մայրենիի օր» տօնը, որուն ծիրէն ներս՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Իմ քաղցր լեզու» նիւթով շարադրութիւններու մրցոյթ։ Լաւագոյն շարադրութիւնները պիտի խրախուսուին Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն:
Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցի բացումը:
Վերջերս տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի մշակութային ամենէն սպասուած ձեռնարկը՝ «Լոս Անճելըս արթ շոու»ն, որուն շրջագծին մէջ աշխարհի շուրջ տասնութ երկիրներու մասնակցութեամբ աւելի քան իննսուն պատկերասրահներ ներկայացուցին նկարչութեան, քանդակագործութեան, լուսանկարչութեան ժամանակակից, նաեւ դասական նմոյշներ: