ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնական այց մը կու տայ Մոսկուա:
«Առանց Ստեփանակերտի մասնակցութեան անկարելի է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումը»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը պաշտօնական այց մը կու տայ Մոսկուա:
«Առանց Ստեփանակերտի մասնակցութեան անկարելի է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին լուծումը»:
Գանատայի Լաւալ քաղաքի յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է լաւալահայ Արամ Էլակէօզ։ Ընտրութիւնները պիտի կայանան յառաջիկայ Նոյեմբերին։ Ան նախկին իսթանպուլահայ է։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Վահէ Կարապետեան» կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակը եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն»ը կ՚իրականացնեն սփիւռքահայ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Գըրգ եւ Արսինէ Գազազեաններու՝ ՀԲԸՄ-ի Սուրիահայերու օգնութեան հիմնադրամին կատարած 25 հազար տոլարի նուիրատուութեան բաշխումը:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնն ու Հայաստանի Մշակութային հիմնադրամը՝ Գիրք նուիրելու օրը ընթերցողներուն համար պատրաստած են ու վերածած՝ անակնկալի: Փետրուար 19-ին, ժամը 12.00-էն մինչեւ երեկոյ, Հայաստանի առաջին շարժական գրախանութը՝ «Գրաբուս»ը, շրջեցաւ Երեւանի համայնքներուն մէջ:
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին ենթակայ երեք սրբազանները այս օրերուն կ՚ուղեւորուին դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրին ընդառաջ:
Վերջին մէկ շաբթուան իրադարձութիւններուն լոյսին տակ Գումգաբուի կողմէ այսօր հրապարակուեցաւ պաշտօնական զեկոյց մը, որուն հաւասարակշռուած բովանդակութիւնը կարեւոր ազդանշաններ կու տայ յառաջիկայ իրադարձութիւններուն ու մանաւանդ նոր պատրիարքի մը ընտրութեան հեռանկարին շուրջ: Պատրիարքարանը ներկայ փուլը կը նկատէ բեկումնային ու միասնականութեան կոչով կը շեշտէ, որ իր բաշխած օրհնութիւններէն համահաւասար բաժին կը վիճակի մեր համայնքի անխտիր բոլոր զաւակներուն:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի նախագահութեամբ, Պատրիարքական Աթոռոյս Կրօնական Ժողովի 13 Փետրուար 2017, Երկուշաբթիի նիստէն վերջ մեր համայնքի կեանքէն ներս յառաջացած են արտասովոր պայմաններ ու տեղի ունեցած՝ ցաւալի իրադարձութիւններ։ Աճապարանքէ խուսափելով հանդերձ, ներկայիս Պատրիարքարանս յարմար դատած է մերազն համայնքի բոլոր անդամներուն ու հանրային կարծիքի նկատառման յանձնել հետեւեալ կէտերը.
Հուլուսի Աքար եւ Ճոզըֆ Տանֆորտ երէկ հանդիպում մը ունեցան Ինճիրլիքի ռազմախարիսխին մէջ:
Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համախոհ ձեւով կը պայքարին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Խնկօ Ապոր» անուան ազգային մանկական գրադարանը եւ Հայաստանի Հրատարակիչներու ընկերակցութիւնը Փետրուար 17-21 թուականներու միջեւ կը կազմակերպեն Մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 13-րդ ցուցահանդէս-տօնավաճառը:
Հաղբատի մէջ մօտ ապագային Սայաթ Նովայի թանգարան պիտի կառուցուի: Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը ունի որոշման նախագիծը։ Այդ մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան: