ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎ
Հռոմի մէջ իր աւարտին հասաւ Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ միջեկեղեցական երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական միացեալ յանձնաժողովին նստաշրջանը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, իր տեսակին մէջ 14-րդ այս ժողովին մասնակցած էր նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը:
Պէյրութի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ սկիզբ առաւ «Զարթօնք»ի 80-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը՝ մասնակցութեամբ ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի ղեկավարութեան եւ օրաթերթի պատասխանատուներուն, խմբագիրներուն, աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ մտաւորական ընտրանիի մը:
Լիբանանահայ ներդրողները կը ցանկան Հայաստանի մէջ տնային հիւսուածքի (home textile)՝ սրբիչներու, անձեռոցի արտադրութիւն հիմնել: Հայաստանի Տնտեսութեան զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան, Յունուարի 27-ին, հանդիպած է լիբանանահայ Նազարեաններու ընտանիքին հետ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հարթակի անունով հանդիպում՝ ամերիկացի դիւանագէտներու հետ:
Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Ատրպէյճան։
Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը պաշտօնական այց մը տուաւ Թիֆլիզ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր կը տեսակցի Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյին Տեհքանի հետ։ Այցելութեան հիմնական նպատակն է՝ շարունակել երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ պաշտպանութեան ոլորտի խորհրդակցութիւնները։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան նաեւ երկկողմանի եւ տարածքաշրջանային կապերու ամրապնդման վերաբերեալ նիւթեր
Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյ շաբաթավերջին պաշտօնական այց մը տուաւ Թուրքիա: