ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՄԱԿԱՐԳՐՈՒՄ
Լրագրող Հայքօ Պաղտատ երէկ Սամաթիոյ մէջ մակագրեց իր գիրքերը։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հանդիպակաց «Սահաֆ» գրախանութին կողմէ շնորհանդէս մը կազմակերպուած էր իր նոր գիրքին համար, որ կը կոչուի «Գուրթուլուշ չոք պոզուլտու»։
Հանր. նախագահ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակցին՝ Փութինի հետ:
Քուպայի նախկին ղեկավար Ֆիտէլ Քասթրօ մահացաւ 90 տարեկան հասակին։ Ան եղած էր Հարաւային Ամերիկայի գլխաւոր յեղափոխականներէն մին։
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախարարներու ժողովը:
Երեւանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Հայկական հանգոյց. Հայոց գորգագործական մշակոյթը» խորագրեալ գիտաժողով մը։ Իր տեսակին մէջ երկրորդն էր այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան մասնագէտներ, գիտնականներ եւ այդ ոլորտէն ներս գործունէութիւն ծաւալող անձեր, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ Ս. Ծննդեան տօնավաճառը իր դռները պիտի բանայ Դեկտեմբերի 6-ին: Ս. Ծննդեան տօնավաճառը կը կազմակերպուի քաղաքապետարան-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծիրէն ներս: