ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սուրիահայ համայնքի եւ հայկական շարք մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ սուրիահայոց խնդիրներու լուծման հետամուտ բարերարներ եւ պատասխանատու պաշտօնեաներ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Բարի գալուստ Հայաստան 2016» խորագրեալ զբօսաշրջութեան ֆորում մը։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որու ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի զբօսաշրջութեան բնագաւառի ներկան եւ հեռանկարային գործերը։
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ երէկ սկսաւ «Նարեկացիական ընթերցումներ» խորագրեալ միջազգային համաժողովներուն երկրորդը։ Մատենադարանի նորոգ հանգուցեալ տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի պաշտօնավարութեան շրջանին սկսած ծրագրի մը շարքին մէջ են այս համաժողովները։
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ոսկերիչներու համաշխարհային համադաշնակցութեան՝ CIBJO-ի համաժողովը։ «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնէն ներս այս առթիւ համախմբուեցան աշխարհի քսանհինգ երկիրներէն Երեւան մեկնած ոսկերչութեան եւ թանկարժէք մետաղներու մշակման ոլորտներէն աւելի քան ութսուն պատուիրակութիւններ։ CIBJO-ի նախագահ Կայեթանօ Քաւալիէրին ալ մասնակցեցաւ տարեկան համագումարին, որու ընթացքին երախտագիտութեան մետայլով պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։
Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու զարգացման հետամուտ Ամերիկայի թրքական համախոհութեան (TCA) հրաւէրին ընդառաջ Իսթանպուլի ՃՀՓ-ական երեսփոխան Սելինա Տողան վերջերս այցելեց ԱՄՆ։ Սելինա Տողանին առընթեր այս ուղեւորութեան մասնակցեցան նաեւ Թուրքիայէն խումբ մը իգական սեռէ քաղաքական գործիչներ։
Էրտողան եւ Օպամա նախընթաց օր հեռաձայնի վրայ զրուցեցին ժամ մը քսանհինգ վայրկեան:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներուն երէկուան կարեւոր տեսակցութիւնը:
Ռուսաստանի մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան խորհրդանիշը (մասքոթ) ընտրուեցաւ գայլը:
77 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ արձակագիր, թարգմանիչ, սենարիստ Ռուբէն Յովսէփեան:
Պատրիարքական Աթոռի Եկեղեցական ընդհանուր համագումար ժողովը երէկ պատմական նիստ մը գումարելով պաշտօնապէս թափուր հռչակեց գահը: