ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ
Եըլտըրըմ, Քըլըչտարօղլու եւ Պահչելի երեք ժամ խօսեցան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շուրջ:
Վարչապետը ընդդիմադիր կուսակցապետներու հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ կը գիտակցին իշխանութեան վիճակած պատասխանատուութեան՝ երկրէն ներս ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտի պահպանման համար եւ այս ուղղութեամբ պիտի ցուցաբերեն առաւել նախանձախնդրութիւն:
Հիւսիսային Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանի այսօր շփումներ կ՚ունենայ Թուրքիոյ մէջ։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակը ընդգրկուեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 2017 թուականի ցուցակին վրայ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու համակարգման աշխատանքներու աջակցման նպատակով պայմանագրային հիմունքներով աշխատանքի կը հրաւիրեն երկու մասնագէտներ, որոնք կ՚ընտրուին հարցազրոյցի արդիւնքով:
Աշխարհի յառաջատար Fastcompany.com լրատուամիջոցը հրապարակած է տասն քաղաքներու ցանկը, որոնք մատչելի են արտասահմանի մէջ ապրելու եւ աշխատելու համար: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, այդ քաղաքներու շարքին դասուած է նաեւ Երեւանը:
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ Թարթուս քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայկական կեդրոնի մը: