ԱՆԳԱՐԱ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԵՏ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՇՓՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԷ «ԵՓՐԱՏԻ ՎԱՀԱՆ» ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
Սուրիոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը եւ այս իրավիճակին մէջ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը ա՛լ աւելի նոր հարթութեան մը վրայ դրած է ամէն ինչ։
Վրաստանի վարչապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ատրպէյճան:
Էրտողան եւ Փութին Սեպտեմբերի 3-ին պիտի տեսակցին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովի օրերուն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան աշխատանքային ուղեւորութիւն մը պիտի իրականացնէ դէպի Գերմանիա եւ Սլովաքիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Գերմանիոյ Փոտըստամ քաղաքին մէջ Նալպանտեան վաղը պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։
Փարիզի Առաջնորդարանը որոշած է ներկայ վերամուտին մշակութային փառատօն մը կազմակերպել Ալվորֆիլի մէջ։ Այս կապակցութեամբ «Նոր Յառաջ» թերթը տեսակցութիւն մը ունեցած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանի հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժիրայր Չոլաքեանի կողմէ կատարուած այս հարցազրոյցը։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Կիորկի Սականելիծէն, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեան դեսպանը շնորհաւորեց նոր ստանձնած պաշտօնին կապակցութեամբ եւ յաջողութիւն մաղթեց դիւանագիտական առաքելութեան համար։
Իտալիոյ երկրաշարժէն ծանր վնասներ կրած Ամաթրիչէ քաղաքի քաղաքապետ Սերճիօ Փիրոցի խոստացած է, որ երկրաշարժին պատճառով տանիքէ զրկուած բնակիչները վրանային աւանին մէջ մէկ ամիսէն աւելի պիտի չմնան՝ աւելցնելով, որ յառաջիկային պիտի որոշուի եւ փայտաշէն տուներ տեղադրելու համար պիտի յատկացուի անվտանգ տարածք, ուր ժամանակաւորապէս պիտի բնակին երկրաշարժէն վնասուածները: