400-ԱՄԵԱՅ ՄԵՏԱՔՍԵԱՅ ԶԳԵՍՏ ՄԸ
Ջրասուզորդները յայտնաբերած են շրջազգեստ մը, որ անհետացած էր 1642 թուականին, երբ բրիտանական թագաւորական նաւատորմի մէկ մասը Տուվրէն Հոլանտա մեկնելու ճանապարհին խորտակուած էր վատ եղանակային պայմաններու պատճառով: