ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՍՏՈՒՄ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՖԻՖԱ-ի ՆՈՐ ԴասաւորՄԱՆ ՄԷՋ
ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը, որուն առաջին հինգ դիրքերուն վրայ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է:
ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն միջազգային նոր դասաւորումը, որուն առաջին հինգ դիրքերուն վրայ ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրուած է:
Պատմական ու մղձաւանջային գիշերէ մը վերջ, Թուրքիա այսօրուան այգաբացը դիմաւորեց անշրջադարձելիօրէն վերահաստատուած ազգային կամքի ամուր դրսեւումով։
Աշխարհի աչքին առջեւ կանխուեցաւ զինուորական յեղաշրջման փորձ մը: Զուգահեռ կառոյցին դաւադիր ծրագիրը ձախողեցաւ շնորհիւ պետական մարմիններուն եւ ժողովուրդին աննախընթաց դիմադրութեան։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անզիջող եւ պաղարիւն դիրքորոշումով, նաեւ կուռ կոչերով երաշխաւորեց երկրին կայունութիւնն ու ներքին միասնականութիւնը։
Մայրաքաղաք Անգարայի, Իսթանպուլի եւ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ ապրուեցան արիւնալի դէպքեր։ Ազգային մեծ ժողովի շէնքը եօթ ռումբերու թիրախ դառնալով կրեց աննկարագրելիօրէն ծանր վնասներ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար այս առաւօտ ազատուեցաւ գերութենէ։ Ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը տէր կը կանգնին վարչակարգին։
Թուրք զինեալ ուժերէն հերձատիրական սակաւաթիւ խումբին հաշուարկները չարդարացան։ Բանակի վերնախաւէն շարք մը բարձրաստիճան դէմքեր ձերբակալուեցան։ Դատախազական կառոյցները ձեռնարկեցին լայնածաւալ հարցաքննութեան միջազգային ընտանիքը անվերապահօրէն կը զօրակցի իշխանութիւններուն։
Քաղաքիս հանրային փոխադրամիջոցները կը գործեն սովորական թափով, քանի մը բացառութեամբ։ Առօրեան բնականոն հունին վերադարձած է ահռելի ցնցումէն վերջ։
Ֆրանսայի Ազգային տօնին օրը երկրի հարաւին ապրուեցաւ աննկարագրելի ողբերգութիւն մը. 84 զոհ, աւելի քան հարիւր վիրաւոր։
Փարիզի դէպքերէն վերջ թիրախ դարձաւ Նիսը։
Փրոմէօնատ տէ զ՚Անկլէ ծովեզերեայ պողոտային վրայ, հռավարութեան ընթացքին մեծ քամիոն մը խուժեց ներկաներուն մէջ ու 2 քմ. յառաջացաւ կրակ բանալով բոլորին վրայ։
Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի Մոսկուա կատարած այցելութեան շրջագծով երէկ երեկոյեան հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները քննարկեցին միջազգային հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան նիւթեր եւ անոնց շուրջ Ուաշինկթըն-Մոսկուա համագործակցութիւնը։
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ երէկ բարձրաստիճան դիւանագէտներու մասնակցութեամբ կարեւոր բանակցութիւններ տեղի ունեցան Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ։
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ դէպի Պաքու պաշտօնական այցելութեան շրջագծով երէկ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Փորոշենքօ այս առթիւ յայտարարեց, որ իր երկիրը չի ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը ու կ՚ողջունէ Ատրպէյճանի նման դիրքորոշումը Խրիմի հարցին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Պաքուի մէջ Ալիեւի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Փորոշենքօ ըսաւ.
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։ Օրուան երկրորդ կէսին ան կը հասնի Ռուսաստանի մայրաքաղաքը, ուր կը հիւրընկալուի իր պաշտօնակցին՝ Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը կը տեսակցի նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Թուրքիա-Ռուսաստան ձիւնահալի մթնոլորտին մէջ, Մոսկուայի հրաւէրին ընդառաջ Անգարայի կողմէ պատուիրակութիւն մը այսօր շփումներ կ՚ունենայ՝ երկկողմանի համագործակցութիւնը բնականոն հունին վերադարձնելու առաջադրութեամբ։
ԱՔ Կուսակցութեան նահանգային մասնաճիւղերու ղեկավարներուն 110-րդ ընդլայնուած կազմով ժողովը՝ Անգարայի մէջ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով՝ Իսրայէլէն եւ Ռուսաստանէն վերջ, Թուրքիա կը ջանայ յարաբերութիւնները բնականոնացնել նաեւ Սուրիոյ հետ: