ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԸ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին պարգեւատրեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս ղեկավարի կարգադրութեամբ Եդուարդ Նալպանտեանին շնորհուեցաւ «Բարեկամութեան» շքանշան։
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ազգութեամբ եզիտի մարզիկ Մանուէլ Մամոյեան, 25 Օգոստոսին, «Կինէս»ի նոր մրցանիշ սահմանեց՝ զայն նուիրելով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին անմահացած հերոսներու յիշատակին:
Վոսփորի հիւսիսէն Եւրոպան եւ Ասիան միացան նոր կամուրջով մը՝ Եավուզ Սուլթան Սելիմի անունով:
Ռիոյի ողիմպիականներուն մասնակից Հայաստանի մարզիկները երէկ երեկոյեան վերադարձան Երեւան:
«Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը վերաձեւաւորէ Սուրիոյ հաւասարակշռութիւնները, ստեղծելով միջազգային լայն արձագանգ:
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի ինքնաշարժներու շարասիւնը յարձակման ենթակայ:
«Աուրորա» մրցանակը աշխարհի չորս երկիրներու մէջ գումարներ պիտի յատկացնէ՝ գաղթական երախաներու եւ որբերու աջակցութեան վերաբերող քանի մը ծրագիրներու: