Լրահոս
ԹԷ՛ ԼԱՒՐՈՎ ԵՒ ԹԷ ՔԵՐԻ
ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարը Վարշաւիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սարգսեանի եւ Ալիեւի հետ:
Ուաշինկթըն կը հաստատէ աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն համար.
ՄՈՒԼԹԻՄԵՏԻԱՅԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
«Երեւանի գիւտը. հայեացք՝ քաղաքի անցեալին ու ներկային» խորագրեալ էլէքթրոնիկ գիրք մը:
AVC-ի եւ քաղաքապետարանի համատեղ նախաձեռնութեամբ կատարուած ծրագրին լուրջ վերաբերմունք կը ցուցաբերեն Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի ներկայացուցիչները: Շնորհանդէսի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Երուանդ Զօրեան:
ԲԺՇԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ԱՄՐՈՑՆԵՐ
Այս ամառ Հայաստանի մէջ կը բացուին երեք կարեւոր ու խոշոր առողջապահութեան կեդրոններ:
Ժամանակակից սարքաւորումներով օժտուած կառոյցները ունին տարեկան շուրջ հազար հիւանդ խնամելու տարողութիւն:
Հալէպ ծանրօրէն հրթիռաԿՈԾուած. Կան 20 զոհեր եւ 150 վիրաւորներ
«Արեւելք» կայքէջէն կը կարդանք.-
Հալէպի տարբեր շրջաններ երէկ յետմիջօրէի ժամերէն սկսեալ դարձած են թիրախ ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռարձակումներուն: Ծանր հրթիռարձակման ենթարկուած է մասնաւորապէս Հալէպի «Մոքամպօ» եւ «Ալ Ֆըրքան» թաղամասերը, ուր զոհերուն թիւը հասած է 20-ի:
Պեղումներու Ընթացքին Յայտնաբերուած Երեւանի Ամենահին Փողոցը
Էրեբունիի մէջ հայ-ֆրանսական արշաւախումբի ութ տարուան պեղումները տուած են հետաքրքրական արդիւնքներ: Ծրագիրը մօտեցած է իր աւարտին, սակայն յոյս կայ, որ անիկա շարունակուի, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Կիւրճեան:
ԽՏԱՑԵԱԼ ՔԱՅԼԵՐ
Օպամա եւ Փութին հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ-ի ժողովին մասնակցելէ վերջ Սէրկէյ Լաւրով շուտով կ՚ուղեւորուի դէպի Պաքու:
ՆԱԹՕ-Ի ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ՝ ՎԱՐՇԱՒԻՈՅ ՄԷՋ
Վարշաւիոյ մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգի վրայ։ Երկօրեայ այս գագաթաժողովին կը վերագրուի արտասովոր նշանակութիւն՝ համաշխարհային հրատապ հիմնախնդիրներու ընթացքին եւ անոնց նկատմամբ դաշինքի դիրքաւորման առումով։
ԻՆՆԵՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ՄԵՐԺՈՒՄ
Իսրայէլի խորհրդարանին մօտ օրակարգի վրայ եկաւ հայկական հարցին մասին բանաձեւ մը:
Կառավարութեան առաջարկին զուգահեռ՝ Քնեսեթի անդամները որոշեցին նիւթը յղել յանձնաժողովի քննարկման:
Գոհար Խաչատուրեան Ստացաւ Հռոմի Պապին Օրհնագիրը
Հայաստան կատարած իր եռօրեայ այցելութեան ընթացքին Հռոմի Ֆրանսիսքոս Պապը առաքելական օրհնագիր շնորհեց ԳՈՀԱՐ նուագախումբի եւ երգչախումբի հիմնադիր Գոհար Խաչատուրեանին:
