ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին բազմակողմանի շփումները՝ Երեւանի մէջ:
Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր երէկ հիւրընկալուեցաւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, իսկ այս առաւօտ տեսակցեցաւ Արցախի ղեկավար Բակօ Սահակեանի հետ:
Յունիս 24-ին, 85 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց Հրանդ Սամուէլի որդին՝ Արմէն Սամուէլեան, որու անունը սերտօրէն առընչուած պիտի մնայ Փարիզի հայ մտաւորական կեանքի պատմութեան:
Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանի միջազգային թռիչքներու բաժանմունքին մէջ երէկ գիշեր պատահեցաւ ահաւոր պայթում մը. 36 զոհ, 147 վիրաւոր:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խոչընդոտ կը հանդիսանայ, որպէսզի Հայաստան օգտուի իր կարեւոր աշխարհագրական դիրքէն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրով վաղը Երեւան պիտի այցելէ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր։ Հարկ է նշել, որ Գերմանիա ներկայիս շրջանային նախագահ երկիրն է ԵԱՀԿ-ի, որու հովանաւորութեան ներքեւ կ՚ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ աշխատանքները։