ԱՐԴԷՆ ՏԱՍՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԱԼ
Յակոբ Տեմիրճիի դաժան սպանութեան դէպքին արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղական մամուլը կը գրէ, որ ձերբակալեալներուն թիւը արդէն հասած է տասի։ Անոնց շարքին կը գտնուին Տեմիրճիներու հին ու նոր սպասուհիները։ Յան-ցագործները շէնք ներխուժած են տանիքէն։