Շուշան Կարապետեան ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ
Տքթ. Շուշան Կարապետեան շահեցաւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան «Բացառիկ աւարտաճառ»ի մրցանակը, որ նուիրուած էր Լոս Անճելըսի մէջ հայերէնի պահպանման եւ կը կրէր` «Ինչպէ՞ս երախաներուս սորվեցնեմ իմ կոտրտած հայերէնս» խորագիրը: Մրցանակին կ՚ընկերանայ 1000 տոլարի նիւթական վարձատրութիւն:
Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ, Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ այսօր դարձեալ կը տեսակցին Սէն Փեթերսպուրկի մէջ:
«Ճգնաժամի հինգ տարին. նոր կեանքի մաքառման հինգ տարին» սուրիահայութեան մասին ձեռնարկ մը:
Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք նշանակուեցաւ Թուրքիա-Ատրպէյճան միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի նախագահ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան այս պաշտօնին կոչուեցաւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կարգադրութեամբ։
Պինալի Եըլտըրըմ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն կը մօտենայ դրական ոգիով:
Երեւանի մօտ Հնդկաստանի նորանշանակ դեսպան Եոկեշվար Սանկվան երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեց իր հաւատարմագիրը։