ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ԿԱԹՍԱՅՈՎ ՅՈՒՇԱԴՐԱՄ
Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը թողարկեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ի պահ դրուած Սրբալոյս Միւռոնի կաթսային նուիրուած յուշադրամ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յուշադրամի երեսակներէն մէկուն վրայ պատկերուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, որու ներքեւ արձանագրուած է յուշադրամի անուանական արժէքը՝ 1000 դրամ։

Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց ռուս բարձրաստիճան խորհրդարանականը։
«Եւրօ 2016»ի որակաւորման հանգրուանի մրցումներուն ծիրէն ներս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ալպանիոյ հետ։ Հակառակորդ մարզադաշտի վրայ հայկական ընտրանին պարտութիւն կրեց 2-1 արդիւնքով։