Ֆրանսայի մէջ ֆրանքեւհայկական նոր միջնակարգ վարժարան մը կը բացուի
Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի խնամակալ մարմինը (AAG) հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարուան դպրոցական վերամուտին՝ Սեպտեմբերին բացումը պիտի կատարուի Գէորգ Արապեան միջնակարգ վարժարանին, Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցական համալիրի շրջանակին մէջ:
Արդարադատութեան նախարարութիւնը յստակեցուց իր դիրքորոշումը Անթիլիասի կողմէ բացուած դատին կապակցութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայիպ Էրտողան երէկ իֆթարի հաւաքոյթի մը ընթացքին մէկտեղուեցաւ անվտանգութեան համակարգէն պաշտօնեաներու հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ զուգահեռ կառոյցի՝ զայն որակելով դաւաճանութեան հրոսախումբ։
Երեւանի մօտ Հնդկաստանի նորանշանակ դեսպան Եոկեշվար Սանկվանի այս օրերուն Հայաստանի ղեկավարութեան կը յանձնէ իր հաւատարմագրերը։ Երէկ, ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ, որուն յանձնեց իր հաւատարմագրերուն պատճէնը։
Փութինի միջնորդութեամբ Երկուշաբթի Սէն Փեթերսպուրկի մէջ նախատեսուած նախագահներու հանդիպման ընդառաջ:
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը երէկ արձագանգեց Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ Ռուսաստանի օրուան կապակցութեամբ ուղարկուած շնորհաւորականներուն, որոնց արտասովոր իմաստ մը վերագրուեցաւ կողմերու միջեւ առկայ լարուածութեան բերումով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ հանդիպում մը ունեցան Օսլոյի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները քննարկեցին Սուրիոյ իրավիճակը, Իրանի մէջ կորսուած կամ ձերբակալուած ամերիկացիներու հարցերը եւ գործողութիւններու համապարփակ ծրագրի իրականացումը։