ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերջերս երկխօսութեան գործընկերոջ կարգավիճակ ստացաւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) մօտ։ Համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ Փեքինի մէջ՝ ՇՀԿ-ի կեդրոնէն ներս։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ ՇՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ռաշիտ Ալիմով։

Ամերիկահայ յայտնի մտաւորական եւ հեղինակաւոր երաժշտագէտ Գրիգոր Փիտէճեանէն վերջերս խորին շնորհակալութեամբ ստացանք իր կողմէ հեղինակուած երկու գիրքեր։ Ան բարի եղած էր խմբագրութեանս համար մակագրել իր լոյս ընծայած «Քրիստափոր Կարա-Մուրզա» եւ «Հայ Եկեղեցւոյ երաժշտութիւնը (պատմական ակնարկ)» գործերը, որոնք մեզի հասան քաղաքս այցելած իր բարեկամներէն մէկուն միջոցաւ։
Ըստ Լաւրովի, մօտաւոր ապագային կը ծրագրուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ հանդիպում մը՝ ԵԱՀԿ-ի մասնակցութեամբ:
