ՄԱՀ՝ ՓՐԼԱՆԹԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի նախկին անդամուհիներէն Փրլանթի Սարաֆեան։ Իր ընկերային շրջանակէն ներս մեծ համակրանքի առարկայ դարձած տիպար ընտանեկան մայր մըն էր հանգուցեալը։
Հայաստան-Չեխիա փոխյարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւն:
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան ընթացքին ան բանակցութիւններ վարեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։

Վեզնեճիլէրի մեթրոյի կայարանին մօտ այս առաւօտեան ժամերուն ոստիկանական ինքնաշարժ մը յարձակման ենթարկուեցաւ:
Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակուեցաւ Արմէն Գէորգեան։ Երէկ, Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի վերնախաւին ներկայացուց Արմէն Գէորգեանը։
Պունտեսթակի կողմէ ընդունուած որոշման ցասումը կը շարունակուի. Հանրապեութեան նախագահը շատ խիստ ոճով արտայայտուեցաւ Գերմանիոյ հասցէին։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան դէպի Թեհրան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ՝ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆի հրաւէրին ընդառաջ։ Նալպանտեան երէկ ձեռնարկեց Թեհրանի իր ծրագրի գործադրութեան, իսկ այսօր կ՚աւարտէ իր շփումները։