Տիգրան Համասեանի «Լոյս Ի Լուսոյ» Ներկայացումը Հոլիվուտի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան Մշակութային հարցերու բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ՝ Սօսէի եւ Ալէնի ժառանգութեան հիմնարկին, Ուրբաթ, Ապրիլ 29-ին, երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստան շրջանին մէջ տեղի պիտի ունենայ արուեստի իւրայատուկ հանրային ներկայացում մը, որու ընթացքին Տիգրան Համասեան պիտի կատարէ Հայ Եկեղեցւոյ շարականներու եւ հայ հոգեւոր երգերու իր իւրայատուկ մեկնաբանութիւնները համադրող «Լոյս ի լուսոյ» համերգը։



Ատրպէյճանի զօրքերը ամբողջ գիշերը խտացեալ ձեւով ռմբակոծեցին Արցախը՝ թիրախաւորելով բնակավայրերը. կան զոհեր:
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւանի Հալապեան փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Փողոցի թիւ 11 շէնքին մօտ օթօպիւսի մը մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որու հետեւանքով երկու հոգի զոհուեցաւ, կան նաեւ վիրաւորներ։ Հալապեան-Արզումանեան փողոցներու խաչմերուկին՝ «Նիգ» սրճարանի մօտակայքին պատահեցաւ այս պայթումը, որմէ անմիջապէս վերջ սկսան փրկարարական եւ քննչական աշխատանքներ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ճոն Քերի երէկ երեկոյեան ունեցան կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Ատրպէյճան կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 7-րդ կլոպալ համաժողովը՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակիցներով: