ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁ
Զուիցերիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերնի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի մարմնամարզութեան առաջնութիւնը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։ Այս կարեւոր մրցաշարքի արդիւնքին հայկական ընտրանիէն Յարութիւն Մերտինեան նուաճեց ոսկէ մետայլ՝ հասնելով ախոյեանի տիտղոսին։

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Կովկաս-2015» տարեկան միջազգային գիտաժողովը։ «Էրեբունի փլազա»ի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու նախաձեռնարկն էր յայտնի քաղաքական մեկնաբան Ալեքսանտր Իսքանտարեանի կողմէ գլխաւորուած Կովկասի կաճառը։
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր յայտարարեց, թէ միջազգային որեւէ հակամարտութիւն չի կրնար լուծուիլ առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան։ Երէկ, Շթայնմայէր ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պերլինի մէջ կազմակերպուած Գերմանիա-Ռուսաստան համաժողովին ընթացքին։
Գերմանիոյ խորհրդարանը այս Հինգշաբթի պիտի քննարկէ հայկական հարցին վերաբերեալ բանաձեւ մը։ Յունիսի 2-ին Պունտեստակ օրակարգի վրայ պիտի ունենայ նախագիծ մը, որուն մէջ 1915 թուականի դէպքերը կը բնորոշուին որպէս ցեղասպանութիւն։ Եթէ այդ բանաձեւը ընդունուի, ապա Պերլին պաշտօնապէս ճանչցած պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։
Հայաստանի վարժարաններուն մէջ եզրափակուեցաւ 2015-2016 կրթական շրջանը։ Երկրի բոլոր վարժարաններէն ներս հնչեց վերջին զանգը։
Ֆաթիհ Սուլթան Մեհմէտի կողմէ Իսթանպուլի առումին 563-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ:
Մայիսի 28-ի Հանրապետութեան տօնին առթիւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ: