ՆԱԽԱՅԱՐՁԱԿ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով Արցախի ճակատին վրայ հայ զինուոր մը եւս նահատակուեցաւ:
Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ այցելեցին զօրամասեր:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այսօր կը ժամանէ Երեւան, ուրկէ պիտի ուղեւորուի դէպի Պաքու՝ միշտ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի օրակարգով:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին՝ Ապրիլի 25-ին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընդհանուր քարտուղարը պիտի իրականանցնէ տարածքաշրջանային ուղեւորութիւն մը, որու ծրագիրը պիտի ընդգրկէ Հայաստանի առընթեր Վրաստանն ու Ատրպէյճանը։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ երէկ գումարուեցաւ տարեկան ընդհանուր ժողով։ Հերթական համագումարին մասնակցեցան Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Արարատեան Հայրապետական Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեան, բազմաթիւ նախարարներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ երկրի գիտական աշխարհէն ծանօթ դէմքեր։
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Աթլեթիզմի դաշնակցութեան տեղի ունեցաւ Լիբանանի դպրոցներու մարմնամարզութեան ախոյենութիւնը՝ մասնակցութեամբ բազմաթիւ վարժարաններէ եկած երկսեռ աշակերտներու:
Սերժ Սարգսեան. «Մեզի համար թանկ է իւրաքանչիւր զինուորի, իւրաքանչիւր սպայի կեանքը»:
Ժան Քլոտ Եունքէր՝ Ատրպէյճանէն պահանջեց. «Դադրեցուցէ՛ք կրակը»:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան 110-ամեակը։ Այս յոբելեանին առթիւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանին ուղարկած էր շնորհաւորական մը, զոր հրատարակած էինք երէկ։ Նոյն առթիւ Պերճ Սեդրակեանն ալ հանդէս եկած է կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահին այս կոչը։