ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Ուքրայնոյ մէջ վարչապետի պաշտօնը յանձնուեցաւ Վլատիմիր Կրոյսմանին։ Ծանօթ է, որ վերջին օրերուն Արսենի Եացէնեուք հրաժարած էր վարչապետի պաշտօնէն եւ այսպէսով անհրաժեշտ դարձած՝ նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը։

Ատրպէյճանի բանակը երէկ գիշեր շարունակեց ռմբակոծել Մարտակերտն ու Հադրութը եւ հետախուզական ներթափանցման փորձ մը կատարեցին դէպի Արցախ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13-րդ գագաթաժողովին առթիւ Թուրքիա կ՚այցելէ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Էրտողան գագաթաժողովին մասնակից ղեկավարներուն հետ կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։
Ֆրանսայի հարաւին երեւան բերած են 400-ամեայ գեղանկար մը, որ հաւանաբար կը պատկանի իտալացի գեղանկարիչ Միքելանճելօ Մերիզի տա Քարավաճիոյի վրձինին։
Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին ժողովը:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ Պետական շքանշան շնորհեց Սէուտական Արաբիոյ Սելման թագաւորին, որ իր հրաւէրին ընդառաջ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։