ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ ՀԱՄԵՐԳԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Հանդիսատեսները բացի բարեսիրական նպատակով քաջալերելու համար ներկայ գտնուած էին այս համերգին, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 5-ին, երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Մենհեթթընի Մըրքըն համերգասրահին մէջ, այլեւ վայելելու դաշնակի ելոյթը աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունիի: Մէկը միւսը ամբողջացնող, ողջունող գեղեցիկ համայնապատկեր մըն էր ներկայացուածը այդ գիշեր:

«Մոսկուա պատրաստ է օգտագործել իր ամբողջ ազդեցութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման համար»:
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Ուրբաթ, Ապրիլի 1-ի առաւօտուն, Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ բարի գալուստ մաղթեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, որուն կ՚ընկերանար Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի մօտ մնայուն եւ լիազօր դեսպան Զօհրապ Մնացականեան:
Կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնով հանդերձ, Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ սադրանքները կը շարունակուին։