ԴԺՈՒԱՐ ՕՐԵՐ՝ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընթացիկ ամսուան սկիզբը Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներէն ասդին նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն համար: Տարբեր առիթներով ըսուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որեւէ զարգացում իր անմիջական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ: Այս խօսքը իրաւացի է, որովհետեւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծննդոցի երկունքին մէջ նոյնպէս Ղարաբաղը իր կարեւորագոյն տեղը ունեցաւ երկրին մէջ հասունցած անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան գաղափարները բարձրաձայնելու համար:
«Երոտեսիլ 2016»ի ընթացքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Իվեթա Մուկուչեան։ Վաղը ան պիտի մեկնի Սթոքհոլմ, ուր նախատեսուած է այս տարուան մրցոյթը։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Գիտութեան եւ փորձագիտութիւններու մերձացում» խորագրեալ երկօրեայ գիտաժողով մը։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցած բացման նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արդիւնաբերութեան մէջ գիտական լուծումները կիրառելու գործընթացէն ներս առկայ բացերուն եւ անոնց միջեւ կամուրջներ ստեղծելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանը Եւրոպական թանգարանային ֆորումի (European museum forum) տարեկան մրցանակաբաշխութեան ներկայացուցած է Կոմիտասի թանգարան-կաճառը: