ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ
Երէկ երեկոյեան ժամերուն Երեւանի Հալապեան փողոցին մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Փողոցի թիւ 11 շէնքին մօտ օթօպիւսի մը մէջ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որու հետեւանքով երկու հոգի զոհուեցաւ, կան նաեւ վիրաւորներ։ Հալապեան-Արզումանեան փողոցներու խաչմերուկին՝ «Նիգ» սրճարանի մօտակայքին պատահեցաւ այս պայթումը, որմէ անմիջապէս վերջ սկսան փրկարարական եւ քննչական աշխատանքներ։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ճոն Քերի երէկ երեկոյեան ունեցան կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Ատրպէյճան կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 7-րդ կլոպալ համաժողովը՝ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն մասնակիցներով:
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, տեղի ունեցաւ «Ինչպէ՞ս պաշտպանուիլ շրջապատի մանրէներէններ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց հանրային առողջապահութեան մարզի մասնագէտ Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան:
Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը շաբաթավերջին բիւր յարգանքով ու խոր երկիւղածութեամբ խնդրեց իր Սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը:
Երէկ երեկոյեան, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ յանձնուեցաւ «Աուրորա» մրցանակը, որու առաջին դափնեկիրը դարձաւ Մարգարիտ Փարանկիցէ (Պրունտի)։ Միւս թեկնածուներն էին՝ Թոմ Քաթինա (Սուտան), Սաիտա Ղուլամ Ֆաթիմա (Փաքիստան) եւ Հայր Պեռնար Քինվի (Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն)։