ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ կազմակերպուած Ս. Զատկի աւանդական ընդունելութեան ընթացքին մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի։ Հարկ է նշել, որ տաղաւարի նախորդող օրերուն լրատուամիջոցներուն եւ հանրային կարծիքին մօտ շրջանառութեան մէջ մտած էին լսումներ եւ պնդումներ, ըստ որոնց տօնական օրերուն ահաբեկչութիւններու թիրախ պիտի դառնային փոքրամասնութեանց սրբավայրերը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ազգային մեծանուն ու անմոռանալի բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 147-րդ տարեդարձը Մարտի 23-ին նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ միեւնոյն ժամանակ առիթ հանդիսացաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի նկատմամբ երախտագիտական զգացումներու թարմացման։
Այսօր կէս գիշերին պիտի սկսի ամրան ժամու դրութեան գործադրութիւնը։ Ժամը՝ 03.00-ին ժամացոյցները պիտի առնուին ժամ մը առաջ։ Ուժանիւթի խնայողութեան համար կը կատարուի այս կարգադրութիւնը, Նախարարաց խորհուրդի որոշման հիման վրայ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Շահէն Աւագեան, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ եւ Երեւանի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Կասսէր երէկ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հարկ է նշել, որ Լուքաս Կասսէր Հայաստանի մէջ ֆրանսախօս երկիրներու դեսպաններու նախագահն է։
Վերջին տարիներուն Արցախ այցելող օտար զբօսաշրջիկներուն թիւը տարեկան 30-40 տոկոսով աճ արձանագրած է։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան համաձայն, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է Արցախի Տնտեսութեան փոխ-նախարար Սէրկէյ Շահվերտեան։
29 Մարտին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Դանիա մրցումը, որ կը գտնուի Եւրոպայի քսանմէկ տարեկանէն վար 2017-ի ախոյենութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ: