Ժիրայր Րէիսեան Կը Մասնակցի Սուրիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն
Սուրիոյ մէջ այս օրերուն կը պատրաստուին Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն, եւ օրէնսդիր մարմնին մէջ ներկայացուցիչ ունենալու գործընթացէն անմասն չէ նաեւ հայկական համայնքը: Խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը մեկնարկած է մէկ օր առաջ, իսկ ընտրութիւնները պիտի կայանան Ապրիլ 13-ին:


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Մասաչուսեցի նահանգէն ներս երէկ շարունակեց գործադրել իր ծրագիրը, որ յագեցած էր կարեւոր հանգրուաններով։
Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան այս օրերուն Ռումանիա կ՚այցելէ՝ Ազգային մեծ ժողովի Եւրոմիութեան հետ ներդաշնակեցման յանձնաժողովի անդամներուն հետ։ Օգտուելով դէպի Պուքրէշ այցելութեան հնարաւորութենէն՝ Սելինա Տողան շփումներ ունեցած է նաեւ ռումանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Եգիպտական օդային ընկերութեան օդանաւներէն մին այս առաւօտեան ժամերուն առեւանգուեցաւ՝ Աղեքսանդրիա-Գահիրէ թռիչքը իրականացնելու ժամանակ։ Թռիչք առնելէ կարճ ժամանակ անց առեւանգուեցաւ օդանաւը, որ պարտադրաբար վայրէջք կատարեց Լարնաքայի օդակայանը, Հարաւային Կիպրոս։