ԶԵՆԻԹԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Չաղլայանի Արդարադատութեան պալատին մէջ, Իսթանպուլի 14-րդ պատժական ատեանին մօտ երէկ շարունակուեցաւ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին դատավարութիւնը։ Այս հանգրուանը եզակի էր այն առումով, որ այս գործով ընթացք առած երկու դատավարութիւններու միացման յաջորդած առաջին դատական նիստն էր։
Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան երէկ երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցան բարձրաստիճան սպաներու հետ:
Ամերիկահայ յայտնի գրող Փիթըր Պալաքեան նուաճեց Փուլիցէրի հեղինակաւոր մրցանակը։ Ան այս կարեւոր մրցանակաբաշխութեան դափնեկիրներու շարքին մաս կազմելու իրաւունք շահեցաւ բանաստեղծութեան անունակարգէն ներս։
Հայաստանի մէջ թողարկած են տասնվեց խաղերէ բաղկացած ծրար մը, որ կը սորվեցնէ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն (որ յատկապէս արդիական է Սփիւռքի մէջ): Playland Armenia խաղը մշակած է Digital Pomegranate ընկերութիւնը՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին աջակցութեամբ:
Մինչ Արցախի ճակատին վրայ չեն դադրիր կրակոցները, Երեւան միջազգային հանրութեան կը ներկայացնէ նոր փաստեր: