ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՃԱԿԱՏՆԵՐԷՆ ԴԷՊԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին: Տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն, որ յառաջիկայ օրերուն կամ նոյնիսկ ժամերուն Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը պիտի ժամանեն Ստեփանակերտ։
Մոսկուա հակամարտ կողմերուն կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարը:
Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի կողմէ։ Նազարպայեւ դիմաւորուեցաւ պաշտօնական արարողակարգով։ Երկու երկիրներու նախագահները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը եւ տարածքաշրջանային ու միջազգային օրակարգի հրատապ նիւթերը։
Աւստրիայի իշխանութիւնները մտադիր են մասնաաւոր սեփականատիրոջմէ գնել այն տունը, ուր ծնած է նացիական Գերմանիոյ ղեկավար Ատոլֆ Հիթլէր:
Ան պիտի գնուի, որպէսզի տունը նացիական գաղափարախօսութեան հետեւորդներու համար իւրօրինակ սրբատեղի չդառնայ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շաբաթավերջին ամենաբարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցան Երեւանի ղեկավարութեան հետ եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը՝ ամփոփելով իրենց տարածքաշրջանային այցելութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ Սէուտական Արաբիոյ Սելման Թագաւորը այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Ան Եգիպտոսի վրայով կը ժամանէ Անգարա, ուր իր շփումները պիտի եզրափակուին Ապրիլի 13-ին։