ԱԼԻԵՒԻ ԿՈՂՄԷ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տար Պաքու, ուր պիտի հիւրընկալուէր Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Երկու նախագահներուն գլխաւորութեամբ տեղի պիտի ունենար Թուրքիա-Ատրպէյճան Բարձր մակարդակով ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդին հինգերորդ ժողովը։
Փորթուգալի կառավարութիւնը պատուոյ հիւպատոս մը նշանակած է Հայաստանի մէջ։ Այսպէս, դեսպան Մարիօ Կուտինիօ տէ Մարթոսի միջոցաւ պատուոյ հիւպատոս նշանակուած է Սամուէլ Սամուէլեան։
Թուրքիա երէկ երեկոյեան հերթական անգամ ցնցուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի սրտին վրայ ապրուած ահաբեկչական վայրագ յարձակման հետեւանքով: Մղձաւանջային դէպքը խլեց 37 անմեղ անձի կեանք, բազմաթիւ վիրաւորներ: Թուրք զինեալ ուժերը դարձեալ ռմբակոծեցին Քանտիլը: Ըստ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, նման արարքները կը բարձրացնեն պայքարի վճռականութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հաւաքոյթի մը մասնակցեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ:
